2016-04-25 12:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը` Վելլեթրի բանտի բանտարկեալներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 5 մարտ 2016-ին, Ալպանօ թեմին եպիսկոպոսը` գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարօ, այցելած էր Իտալիոյ Վելլեթրի քաղաքի բանտը։ Այդ առթիւ բանտարկեալները անոր յանձնած էին Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղուած մէկ նամակը։

Այդ նամակը ստանալէն ետք, Նորին Սրբութիւնը, նամակով մը պատասխանած է բանտարկեալներուն։ Նամակին մէջ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց որ իրեն մտածած են հակառակ իրենց ''կեանքի ապրած դժուար պահուն''­, ապա յայտնած է թէ ինք եւս յաճախ կը մտածէ իրենց ու իրենց նման բազմաթիւ այն անձերուն որոնք կ՛ապրին բանտերուն մէջ եւ թէ ասոր համար իր առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին,  միշտ կ՛ուզէ հանգրուան կատարել ու հանդիպիլ բանտի մէջ գտնուող եղբայրներուն եւ քոյրերուն­, որոնց ազատութիւնը սահմանափակուած է, անոնց արտայայտելու համար իր մօտիկութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշած է Ողորմութեան Յոբելեանին եւ թէ ինչպէս Ինք ուզած է որ յոբելենական տարւոյն ընթացքին, բանտարկեալներուն յոբելեանը նշող օր մը յատկացուի, ու այս առընչութեամբ վստահեցուցած է իր մօտիկութիւնը։

Քահանայապետը հուսկ ակնարկելով անոնց ապրած փորձառութեան որուն ընթացքին ժամանակը կարծես կանգ առած ըլլայ գրած է.  ''ժամանակը միայն ժամացոյցի միջոցաւ չի չափուիր, այլ անոր իսկական չափանիշը պէտք է ըլլայ յոյսը'' ապա խրախուսած է զանոնք միշտ ''վառ պահել հաւատքի յոյսի ճրագը'', որպէսզի լուսաւորէ անոնց կեանքը ու հրաւէր ուղղած է անոնց աղօթք բարձրացնելու առ Յարուցեալ Քրիստոս, Անորմէ հայցելով յոյս` որպէսզի չկորսնցնեն իրենց հաւատքը։

''Միշտ Վստահ եղէք որ Աստուած ձեզ կը սիրէ անձնապէս, Անոր դիմաց կարեւոր չէ ձեր տարիքը, ձեր մշակոյթը, կարեւոր չեն նոյնիսկ թէ ինչ է ձեր անցեալն ու ձեր սխալները. Ասոր համար մի փակուիք անցեալին մէջ, այլ զայն դարձուցէք զարգացումի ուղի` սիրոյ եւ հաւատքի մէջ։ Թոյլ տուէք որ Աստուած ձեզ ''փայլեցնէ'' այս փորձառութեան ընդմէջէն։

Արդարեւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, բազմաթիւ անձեր հասան սրբութեան, դժուար ու խիստ փորձառութիւններէ անցնելով. Բացէք ուրեմն ձեր սիրտը Քրիստոսին եւ Ան պիտի կարենայ ձեր կացութիւնը բարեփոխել։ Քրիստոսի հետ ամէն ինչ կարելի է, գրած է Սրբազան Հայրը իր նամակի աւարտին ապա անոնցմէ ամէն մէկուն ու անոնց պարագաներուն, բարեկամներուն ու յատկապէս զաւակներուն պարգեւած է իր օրհնութիւնը, խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.